Search
Close this search box.

Որո՞նք սպառնացին կամ կը սպառնան Քեսապի ապահովութեան

Քանի մը օր առաջ, ճշգրտօրէն` Դեկտեմբեր 17֊ին, Քեսապի հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր հովիւներուն ստորագրութիւնը կրող կարճ հաղորդագրութիւն֊կոչ մը երեւցաւ համացանցային լրատու հարթակներու եւ դիմատետրային էջերու վրայ։ Հոն կը խօսուէր ապահովական որոշ մտահոգութիւններու եւ գիւղաւանին մուտքին զետեղուած նոր անցարգելներու մասին։
Ճիշդն ըսելու համար` հաղորդագրութիւնը խմբագրուած էր շատ տարտամ, անյստակ ու հարցականներ ստեղծող անգոյն շարադրանքով մը, որմէ ոչինչ կարելի էր հասկնալ, դժբախտաբար։
Ահաւասիկ հաղորդագրութեան լրիւ պատճէնը, որ ուղղեալ է քեսապահայութեան։ Կարդանք միասին.
«Գիտակցելով որ ներկայ կացութեան մէջ յատկապէս մտահոգ էք անհատական եւ ձեր ընտանիքներուն ապահովութեան հարցով,
ձեզի կը յայտնենք, որ Քեսապի եւ Սուրիոյ հայ եկեղեցական եւ ազգային պատկան մարմինները մօտէն կը հետեւին մեր իրավիճակին։
Մեր բոլորին ապահովութեան համար այսօր զետեղուեցան երկու անցարգելներ. մէկը՝ Տիւզաղաճէն Քեսապ մուտքին, սահմանադուռին մօտ, երկրորդը՝ ծովու կողմէն էքիզօլուգի մուտքին, Աճամի մէջ։
Ասկէ ետք պիտի արգիլուի որեւէ զինեալի մուտքը Քեսապ եւ յատուկ բարեացակամ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերուի քեսապցիներուս նկատմամբ։
Աստուած պահապան մեր բոլորին»։
Սոյն գրութեան տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած են Եսայի աբղ. Էօրտէքեան (առաքելական), Նարեկ վրդ. Լուիսեան (կաթողիկէ) եւ պատ. Շանթ Ակիշեան (աւետարանական)։
Հարիւրաւոր, թերեւս ալ հազարաւոր հայեր կարդացին վերեւի գրութիւնը, սակայն ի՞նչ հասկցան…։
Զորօրինակ, որո՞նք են որ կը սպառնան Քեսապի հայութեան «անհատական եւ ընտանեկան ապահովութեան»։ Յայտնի չէ։
Որո՞նք են որ անցարգելներ դրին Քեսապի երկու մուտքերուն։ Յայտնի չէ։
Ո՞ր «զինեալ»֊ներուն կ՚ակնարկէ հաղորդագրութիւնը` երբ նկատել կու տայ որ անոնց մուտքը այսուհետեւ պիտի արգիլուի Քեսապ։ Յայտնի չէ։
Որո՞նք են որ այսուհետեւ «յատուկ բարեացակամ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն քեսապցիներուն նկատմամբ»։ Յայտնի չէ։
Թող ներող ըլլան մեր հոգեւոր երեք հովիւները, եթէ յայտնենք, որ նմանօրինակ անյստակ բացատրականներ ոչ միայն անդորրութիւն չեն բերեր մեզի (բան մը, որ այս լրատուութեան հիմնական նպատակն է), այլեւ աւելի ու աւելի կը մտահոգեն մեզ` ինչ֊ինչ հարցականներու դուռ բանալով…։
Խնդիրը պարզաբանելու համար դիմեցինք իրազեկ անձերու` ուղղակի Քեսապէն։
Մեր հարցումները, ի վերջոյ, գտան իրենց ՅՍՏԱԿ ՈՒ ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ պատասխանները եւ… հանգստացանք։
Ի՞նչ էր պատահածը, ուրեմն։ Պատահածը հետեւեալն էր։
Քեսապ, ուր իրենց հովանին տարածեցին Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները, վերջերս թիրախ դարձաւ դուրսէն ներթափանցած զինեալ աւազակներու, որոնք կարգ մը բնակարաններ մտնելով` գողութիւն ու կողոպուտ կատարեցին…։ Քեսապցիք, բնականաբար անհանգստացան։ Ուստի, հայ համայնքի պատասխանատու դէմքերը դիմեցին պետական նոր իշխանութեանց եւ ապահովական միջոցառումներ խնդրեցին անոնցմէ` կանխարգիլելու համար աւազակային նմանօրինակ դէպքերու կրկնութիւնը։ Նոր իշխանութիւնները, որոնք առաջին իսկ օրէն արդէն երաշխիքներ տուած էին գիւղաւանի հայութեան, որոշեցին, իբրեւ ապահովական յաւելեալ միջոցառում, 2 զինուորական անցարգելներ հաստատել Քեսապի երկու տարբեր մուտքերուն, անծանօթ ու կասկածելի օտար տարրերու Քեսապ մուտքը խափանելու համար։
Փաստօրէն, նոր իշխանութեանց ցուցմունքով այսուհետեւ «յատուկ բարեացակամ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերուի քեսապցիներուս նկատմամբ», այսինքն` յաւելեալ ուշադրութեան կամ հոգածութեան առարկայ պիտի դառնայ Քեսապի հայութիւնը, ինչպէս կը հաւաստէ հաղորդագրութիւնը։
Եղելութիւնն ու պատկերը յստակ է այլեւս։
Կը մնայ խաւարին մէջ մնացած մի՛ակ պարագայ մը. արդեօք որո՞նք կրնան ըլլալ այն յելուզակները, որոնք աւազակային արարքներով կը նեղացնեն խաղաղասէր քեսապցիները ու կը սպառնան անոնց անդորրութեան…։
Լ. Շառոյեան
(Հալէպ)