Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի ընտրութիւններուն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն 90 առ հարիւրը ընտրուած է: Լուրը կը հաղորդէ ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբը:
«Մենք չենք իջեցուցած մեր նշաձողը կամ զիջած մեր արժէքները: Խոստումներ չենք ընդունած, փոխարէնը պատասխանատւութիւն պահանջած ենք»,– յայտարարած է Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան:
Ան ընդգծած է, թէ թեկնածուները ընտրելու ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբը նկատի ունեցած է Արցախի հարցին շուրջ, ինչպէս նաեւ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ անոնց դիրքորոշումները:
Յանձնախումբը նշած է, թէ կ՚աջակցի Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան 84 թեկնածուներու, որոնք ընտրուած են Ամերիկայի 20 նահանգներէն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։