ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուց հայանպաստ չորս յաւելուածները

«Ասպարէզ» – Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2023-ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծի (NDAA) քննարկումներուն ներկայացուած  հայանպաստ եօթը յաւելուածներու առաջարկներէն չորսը վաւերացուեցան Յուլիս 13-14-ին տեղի ունեցած Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստերուն։

Ստորեւ՝ վաւերացուած յաւելուածներու առաջարկները.-

 – Թիւ 611 յաւելուածը (նախապէս թիւ 698), զոր ներկայացուցած է գոնկրէսական Էտըմ Շիֆ՝ պահանջելով Ազերպայճանէն անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ քաղաքայինները:

– Թիւ 121 յաւելուածը (նախապէս թիւ 837), որ ներկայացուած է գոնկրէսականներ Թոնի Քարտենազի եւ Պրետ Շըրմընի կողմէ՝ պահանջելով Արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն՝ հետաքննել Ազերպայճանի պատերազմական ոճիրները եւ Պաքուի տրամադրուած ամերիկեան արհեստագիտութեան ունեցած ազդեցութիւնը՝ 44-օրեայ պատերազմին եւ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն վրայ:

 – Թիւ 337  յաւելուածով (նախապէս թիւ 992), Ճեքի Սփիր կը պահանջէ Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններէն հետաքննել Ազերպայճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններուն ունեցած ազդեցութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն վրայ: Այս յաւելուածին ի նպաստ յատկանշական աշխատանք տարաւ նաեւ Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն։

 – Թիւ 339 յաւելուածով (նախապէս թիւ 478), գոնկրէսականներ Քրիս Փափաս եւ Կաս Պիլիրաքիս կը պահանջեն արգիլել ամերիկեան «Էֆ.16» օդանաւերու արդիականացման անհրաժեշտ արհեստագիտութեան յատկացումը Թուրքիոյ: Այս յաւելուածին վաւերացման մէջ եւս յատկանշական դերակատար էր գոնկրէսական Փալոն։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց գոնկրէսականներուն եւ հազարաւոր համակիրներուն, որոնք իրականացուցին յաւելուածներուն վաւերացումը։

Խմբագրական