Ուաշինկթըն արձագանգած է Հայաստանը զինելու մասին Ազերպայճանի նախագահի ամբաստանութիւններուն՝ «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդելով, թէ Միացեալ Նահանգներու՝ անվտանգութեան առումով աջակցութիւնը, ուղղուած է թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազերպայճանին՝ ՕԹԱՆ-ի եւ ԱՄՆ-ու ուժերուն հետ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման, իւրաքանչիւր երկրի բանակի արհեստավարժութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ երկու երկիրներու սահմանի ամրապնդման։
Ռուսական պետական հեռատեսիլի կայաններուն տուած իր վերջին հարցազրոյցին Իլհամ Ալիեւ պնդած էր, թէ Հայաստանին զէնք մատակարարելու մէջ առաջատարը Ֆրանսան է, երկրորդ տեղը կը գրաւէ Հնդկաստանը, երրորդը՝ Միացեալ Նահանգներ։
“Ֆրանսա եւ Հնդկաստան չեն թաքցներ, որ Հայաստանին մահաբեր զէնք կը մատակարարեն, ԱՄՆ-ն չի խոստովանիր, բայց մենք հետեւած ենք [ամերիկեան] ռազմական բեռնատար օդանաւերուն, որոնք վայրէջք կը կատարեն հայկական օդակայանները, ուր զինամթերք կը փոխադրեն”,– ըսած էր Ալիեւ։
«Ազատութիւն» լրասփիւռին համաձայն՝ Երեւան եւ Ուաշինկթըն երբեք չեն յայտարարած զինամթերքի մատակարարման մասին։ Հարցումին՝ թէ ի՞նչ զինամթերքի մասին կը խօսի Ալիեւ եւ արդեօք անոր պնդումը իրականութեան կը համապատասխանէ՞, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր ուղղակի չէ պատասխանած եւ միայն նշած է. “Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին ու Ազերպայճանին իր անվտանգութեան առումով աջակցութիւնը այնպէս կը տնօրինէ, որ վստահ ըլլայ, թէ ան յարձակողական նպատակներով կիրարկելի չէ, չի խաթարեր եւ խոչընդոտ չի հանդիսանար կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու շարունակական ջանքերուն”։
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ շեշտած է, թէ իր երկիրը կ՚աջակցի Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ շարունակական շփումներուն՝ ջանալով նպաստել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։