ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Գրիգորեան-Հաճիեւ հանդիպում՝ ամերիկեան նախաձեռնութեամբ

ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճեյք Սալիվըն Սեպտեմբեր 27-ին Սպիտակ տան մէջ ընդունած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը եւ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւը։ Տեղի ունեցած է եռակողմ հանդիպում մը։

Այս մասին, Սալիվըն իր թուիթըրեան էջին գրած է.-

«Այսօր ես հիւրընկալեցի Հիքմէթ Հաճիեւն ու Արմէն Գրիգորեանը՝ ուղղակի եւ կառուցողական բանակցութիւններու համար։ Մենք ընդգծեցինք հետագայ բռնութիւններէ խուսափելու եւ յստակ ժամանակացոյցով ու յստակ օրակարգով բանակցութիւններ վարելու կարեւորութիւնը։ Նաեւ ճշդեցինք կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած շօշափելի քայլեր»։