Նախագահ Մաքրոն Յուլիս 11-ին, ՕԹԱՆ-ի՝ Ուաշինկթընի վեհաժողովի շրջանակին մէջ զրուցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ։
Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ընթացող երկխօսութեան՝ ըստ կարելւոյն արագ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով, որ կրնայ նոր էջ մը բանալ տարածաշրջանին մէջ»։
Էմանիւէլ Մաքրոն նաեւ յիշեցուցած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը Թուրքիոյ հետ դրական երկկողմ օրակարգ մշակելու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։