ԱՄՆ-ու Պետական բաժանմունքի քարտուղարութիւնը, ի պատասխան «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին՝ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան վերաբերեալ, իր աջակցութիւնը յայտնած է ընդգծելով հետեւեալը.–
«Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՚աջակցի հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, որ դրական անդրադարձ կ՚ունենայ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսութեան զարգացման հոլովոյթին։ Այս քայլը յատկապէս կարևոր է այսօր՝ նկատի ունենալով Ռուսաստանի պատերազմը Ուքրանիայի մէջ: ԱՄՆ-ն կ՚օժանդակէ այս կարեւոր երկխօսութեան՝ այնպէս ինչպէս կողմերը պատշաճ կը համարեն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։