Search
Close this search box.

Ուաշինկթըն կը պնդէ, թէ F-16-ներու Թուրքիոյ վաճառքը կը համապատասխանէ ԱՄՆ-ու շահերուն

 

Մեկնաբանելով Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Շուէտի՝ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումին վաւերացումը, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան՝ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն հաղորդած են, թէ F-16 կործանիչներու Թուրքիոյ վաճառքը կը համապատասխանէ ԱՄՆ-ու եւ ՕԹԱՆ-ի միւս դաշնակիցներու շահերուն:

«Նախագահ Պայտըն բազմիցս յայտարարած է, թէ ինք Թուրքիոյ պատկանող F-16-ներու համակարգի արդիականացման կողմնակից է»,– նշուած է ԱՄՆ-ու Անվտանգութեան խորհուրդի պատասխանին մէջ։