Search
Close this search box.

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. Հայկական եւ յունական կազմակերպութիւններ կ՚ընդարձակեն Թուրքիոյ «Էֆ.16»-երու արդիականացումը արգիլելու ջանքերը

«Ասպարէզ» – Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ հայկական եւ յունական կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերուն շնորհիւ, Գոնկրէսին մէջ սկսած է աճիլ Միացեալ Նահանգներու անվստահելի դաշնակից Թուրքիոյ «Էֆ.16» ռազմական օդանաւերու արդիականացումին աջակցելու՝ նախագահ Պայտընի վարչակազմին որոշումին նկատմամբ ընդդիմութիւնը։

Արդարեւ, Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն եւ Յոյն-ամերիկեան համախմբումի համաատենապետեր Կաս Պիլիրաքիս ու Քերոլայն Մըլոնի, իրենց ձայները միացնելով յունական ծագում ունեցող գոնկրէսականներ Քրիս Փափասի եւ Տինա Թայթըսի՝ կոչ ըրին ւոնկրէսականներուն, որ «Էֆ.16»-երու արդիականացումը կասեցնելու նպատակով գրուած եւ նախագահ Պայտընին յղուելիք նամակին տակ ստորագրեն՝ իրենց ընդդիմութիւնը յայտնելով այդ նախաձեռնութեան։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ Թուրքիա իր արդիականացուած ռազմական օդանաւերուն թիրախ կրնայ դարձնել շրջանի Յոյները, Կիպրացիները, Քիւրտերն ու Հայերը։ ■