ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. Հիքմէթ Հաճիեւ ԱՄՆ-ու պաշտօնատարներու հետ քննարկած է Անգարա–Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը

Ազերպայճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ քննարկած է Անգարա–Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: Լուրը հաղորդած է «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը:

Ան հանդիպումներ ունեցած է Արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քերըն Տանֆրիտի եւ նախագահ Պայտընի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ: Այս վերջինին հետ հանդիպման աւարտին Սպիտակ տունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ կողմերը, ի շարս այլ հարցերու, քննարկած են հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

«Սալիվըն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը հարաւային կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման գործին մէջ: Ան բարձր գնահատեց Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը: Աջակցութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի կողմէ կազմակերպուած բանակցութիւններուն, եւ շեշտեց ԱՄՆ-ու պատրաստակամութիւնը՝ սերտօրէն ներգրաւուելու եւ յառաջընթացին աջակցելու տարբեր միջոցներով, ներառեալ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Խմբագրական