ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Նախարար Նարեկ Մկրտչեան եւ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպանը մասնակցած են Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութեան նուիրուած երեկոյթին

Յունուար 20-ին տեղի ունեցած ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութեան նուիրուած երեկոյթին Հայաստանի կողմէ մասնակցած են  «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արտաքին կապերու պատասխանատու, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան եւ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունց:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորած է Մարքօ Ռուպիոյի նշանակումը՝ Միացեալ Նահանգներու ԱԳ նախարարի պաշտօնին։

***

Ինչ կը վերաբերի Թրամփի պաշտօնը ստանձնելուն՝ նշենք, որ ան առանց իսկ պահ մը կորսնցնելու, երդման արարողութեան շրջանակին մէջ արդէն ստորագրած է շարք մը հրամանագրեր, որոնք նախկին վարչակազմին հետ խոր տարակարծութեանց առարկայ հարցերու կը վերաբերին, ինչպէս օրինակ Փարիզի՝ Կենսոլորտի համաձայնագրէն ԱՄՆ-ու քաշուելուն հրամանագիրը։

Աւելցնենք նաեւ որ արարողութեան ներկայ եղած են այսօր աշխարհը ղեկավարող նորարարական մեծագոյն հաստատութիւններու սեփականատէրերը, ի շարս որոնց՝ Իլոն Մասք, Ճեֆ Պըզոս, Մառք Զուքերպերկ…։