ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Պլինքըն. «Յառաջիկային սահմանային անվտանգութեան յատուկ խումբ մը պիտի այցելէ Հայաստան»

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք ունեցած իր ելոյթին՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է. «Հայաստանի հետ կը համագործակցինք նաեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան բնագաւառներուն մէջ եւ նպատակ ունինք ամրապնդելու Հայաստանի ինքնապաշտպանութիւնը իր տարածքին մէջ»։

Ան տեղեկացուցած է, թէ յառաջիկային ԱՄՆ-էն սահմանային անվտանգութեան յատուկ խումբ մը պիտի այցելէ Հայաստան՝ ամրապնդելու անվտանգութեան ուղղութեամբ երկուստեք աշխատանքը: Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, թէ  կը շարունակուի նաեւ Eagle Partner ձեւաչափով համագործակցութիւնը:

Գոհունակութեամբ ընդգծելով Հայաստանի միանալը՝ Իսլամական պետութեան դէմ պայքարի ընդհանուր զինակցութեան, ան բարձր գնահատած է առ այդ Հայաստանի յանձնառութիւնը։