Կիրակի, Սեպտեմբեր 8-ի առաւօտեան Ախթամարի Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ մատուցուած է պատարագ, Սահակ Բ. պատրիարք հօր նախագահութեամբ եւ հոծ թիւով ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։
Պատարագին քարոզած է Պատրիարք հայրը, բնաբան ունենալով Սաղմոսներէն «Ո՜վ Տէր, սորվեցուր ինծի համրել իմ օրերս» նախադասութիւնը։ Ան յիշեցուցած է, թէ կեանքը անմահ է, սակայն մարդիկ՝ մահկանացու: Այս իսկ պատճառաւ կարեւոր է մտածել անցեալ կեանքի եւ մնացեալ օրերու ու զանոնք արժեւորելու մասին: Պատրիարք հայրը ըսած է, թէ մնացեալ կեանքի եւ ապագայի մասին մտածելու համար սքանչելի պատճառ է Ախթամարի Ս. Խաչ տաճարը: Հազար տարի առաջ մարդիկ ապրեցան, սակայն իրենց ետին թողեցին այս տաճարը: Այս տաճարը մեզի կ’ըսէ. «Անցաւոր ուխտաւոր ես դուն ալ: Դո՛ւն ալ բան մը ըրէ: Դաս ա՛ռ զիս կառուցողներէն»: Աստուածաշունչի կարեւոր հերոսները ճամբորդներ են: Ամէն ճամբորդ երթալու հասցէ մը ունի: Սահակ Բ. պատրիարք նշած է, թէ ամէն քրիստոնեայի համար այդ հասցէն խաչն է, որ մկրտութեան ատեն դրոշմուեցաւ մեր մարմնին իսկ վրայ եւ մեր շիրիմներուն վրայ ալ կը դրուի խաչի նշանը:
Ուխտաւորներու հաւաքական խոստովանանքէ ետք, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացած են։
Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Ախթամարայ երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու յիշատակին։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւններէն յետոյ, Պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ թափօրը առաջնորդուած է բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»-ներով կատարուած է հանդիսաւոր անդաստան, որու ընթացքին օրհնուած են աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։
Ապա Պատրիարք հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասած են արարողութիւնները։
Այնուհետեւ Սահակ Բ. պատրիարք, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը Վանայ լիճի ափին հաւաքուած են սիրոյ սեղանի մը շուրջ։
Այսպէսով իր աւարտին հասած է ուխտագնացութիւնը եւ սկսած վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Պատրիարք հայրը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը նոյն իրիկունը վերադարձած է Պոլիս։
Նախորդ օրը, Սահակ Բ. Պատրիարք այցելած է Վանի նշանաւոր Վարագայ վանքը: Ինչպէս ծանօթ է, երբեմնի վանքը Վանի երկրաշարժէն ալ վնաս կրած ըլլալով հանդերձ, մասամբ կանգուն է:
Այնտեղ կատարուած է ուխտի աղօթք։
Լուսանկարները՝ «Լրաբեր»-ի
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։