Search
Close this search box.

Ուշադրութիւն. Ազերպայճան՝ գրգռութեան իր «ծանր հրետանի»-ն դարձեալ գործի լծած ըլլալ կը թուի

«Այս ամէնը լուրջ հարուած է Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացին», կը յայտարարէ Պաքու, պատճառաբանելով կասկածելի դէպք մը

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանը կը մեղադրէ Կապան-Զանգելան հատուածին մէջ Փետրուար 12-ին իրենց սահմանապահ մէկ զինուորը վիրաւորելու յանցանքով՝ այդ քայլը որակելով «գրգռութիւն»։

 «Այս քայլը լուրջ հարուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։ Վերջին 4-5 ամիսներու կայունութեան պայմաններուն մէջ նման գրգռիչ գործողութիւնները ակնյայտօրէն կը հակասեն Հայաստանի յայտարարած խաղաղութեան ուղերձներուն»,– կը պնդէ Պաքու։

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ. «Նման գրգռութիւնը, որու ձեռնարկուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու մէջ, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այս առաքելութեան նպատակներուն եւ խնդիրներուն վերաբերեալ։ Պատասխանատւութիւնը կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»։

Հայկական կողմը կը հետաքննէ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութիւնը հետաքննութեան ձեռնարկած է ազերպայճանական կողմի նշած դէպքին էութիւնը ստուգելու համար։

«Վերադաս հրամանատարութեան կողմից գրաւոր հրամաններով յստակ սահմանուած են այն դէպքերը, երբ զինծառայողը իրադրութիւնը գնահատելով կարող է եւ/կամ պարտաւոր է կրակ բացելու որոշում կայացնել:

Նախնական տեղեկատւութեամբ Փետրուարի 12-ին տուեալ տեղամասում նման իրադրութիւն առկայ չի եղել:

Այս հանգամանքը հաստատուելու պարագայում հրամանը խախտելու դէպքի մեղաւորները կ՚ենթարկուեն պատասխանատւութեան»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: