Յանդուգն ձայն մը եւս հնչած է։ Այս անգամ՝ իր արդարամիտ ու հայամէտ դիրքորոշումներով ծանօթ ֆրանսացի եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի ձայնն է։ Ան, Սեպտեմբեր 13-ին, Եւրոպական խորհրդարանի՝ քուէրկութեանց նիստէն առաջ (ֆրանսական ժամով 13-ին) ունեցած է հետեւեալ ելոյթը, որ արժանացած է դահլիճին բուռն ծափարութեան։
«Տիկին նախագահ, յարգելի գործընկերներ,
Այսօր՝ կէս գիշերէն քիչ ետք, Ազերպայճան լայնածաւալ ռազմական յարձակում սկսաւ Հայաստանի վրայ։ Սաստիկ ռմբակոծութիւններու թիրախ դարձան հայկական տարածքի քանի մը քաղաքներ եւ գիւղեր. ի հարկէ ռազմական կէտեր, բայց նաեւ խաղաղ բնակչութեան բնակած վայրեր: Այս պահուն զոհերու թիւն է՝ առնուազն 49 զինուոր եւ 3 խաղաղ բնակիչ։
Ոչի՛նչ, ՈՉԻ՛ՆՉ կրնայ արդարացնել այս յարձակումը։ Երկու տարի առաջ, խախտելով միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոնները, Ազերպայճան Թուրքիոյ աջակցութեամբ յարձակեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ Այս անգամ ան կը յարձակի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին իսկ վրայ։
Մենք՝ տիկնայք եւ պարոնայք, առանց վարանելու աջակցեցանք ուքրաինացի ժողովուրդին, երբ ան ենթարկուեցաւ Ռուսաստանի յարձակման։ Նո՛յնպիսի յստակ ձայնով մենք պէտք է դատապարտենք պարոն Ալիեւի վարչակարգին այս գիշեր սկսած ոճրային յարձակումը։
Տիկին նախագահ, ձեզմէ կը խնդրեմ ըլլալ մեր խորհրդարանի ձայնը այս արտակարգ իրավիճակին մէջ: Մեր վճռական դիրքորոշումը կրնայ կանխել այս պատերազմը եւ կրնայ արգելք ըլլալ Ազերպայճանի՝ իր նախապատրաստած ծրագիրը գործադրելուն։
Վերջ տանք այս ոճրագործ պետութիւնը մեր օրինական գործընկերը նկատելուն, վերջ տանք՝ անկէ կազ գնելով անոր այդ սպառնալիքները գանձատրելուն։
Եկէք արագ քայլերու ձեռնարկենք՝ արդիւնաւէտ պատիժներ նախապատրաստելու համար։
Եկէք անյապաղ պահանջենք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։
Մենք ատիկա պարտական ենք մեր ցամաքամասի ապահովութեան համար, որ ուղղակի պիտի վտանգուի այս նոր հակամարտութեամբ, բայց յա՛տկապէս, յատկապէս պարտական ենք հայ ժողովուրդին, որուն հետ սրտանց կ՚ապրինք սուգի եւ վշտի այս ժամերը։ Շատ շնորհակալութիւն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։