Search
Close this search box.

Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը հանդիպում ունեցած է Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն հետ

 

Օգոստոս 28-31 Հայաստան կատարած պաշտօնական այցի շրջանակին մէջ Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անա Օլիվերայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փարաքար գիւղին մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն հետ:

Ազերպայճանի բարբարոսութիւններէն վերապրած, շրջափակման դառնութիւնները ճաշակած ու սեփական բնակավայրերը պարտադրաբար լքած հայերը շուրջ երկու ժամ պատմած են այդ օրերու իրենց ապրումներու մասին:

“Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայաստանեան ջերմ ընդունելութեան համար։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն՝ նշեմ, թէ շատ յուզիչ էին անոնց պատմութիւնները, վերադարձիս ներկայացուածը պիտի պատմեմ գործակիցներուս”,– նշած է ուրուկուայցի դիւանագէտը։