Search
Close this search box.

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Դեսպանատան յարկին տակ հիւրընկալուած է Թումոյի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեան

Նոյեմբեր 10-ին, Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան դեսպանատան յարկին տակ հիւրընկալած է Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հիմնադիր եւ ՀԲԸՄ-ի նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Հանդիպումին՝ կողմերը անդրադարձած են ՀԲԸՄ Ուրուկուայի մասնաճիւղի ծրագրերուն, երկուստեք ընդգծելով անոնց դերակատարութիւնը հայ-ուրուկուայական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ:

Դեսպան Գէորգեան հիւրերուն ներկայացուցած է նաեւ դեսպանութեան եւ հայ համայնքին համագործակցութեամբ մշակուող ծրագրերը: