Search
Close this search box.

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Երեւանի հիմնադրութեան 2806-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ «Քառասքօ» միջազգային օդակայանին մէջ

Նոյեմբեր 15-ին, Երեւանի 2806-ամեակին առիթով, Ուրուակուայի միջազգային «Գառասքօ»  օդակայանին մէջ բացումը կատարուած է ‹‹Երևան. հինաւուրց եւ ժամանակակից›› խորագրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին։ Ներկայ եղած են  Ուրուկուայի փոխնախագահ Պէաթրիս Արխիմոն, Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անա Օլիվերա, Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետ Մաուրիսիօ Զունինօ, Ազգային պաշտպանութեան փոխնախարարը, օտար երկիրներու բազմաթիւ դեսպաններ եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր:

Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած է Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան՝ անդրադառնալով Երեւանի հիմնադրութեան պատմութեան եւ մայրաքաղաքի զբօսաշրջային գրաւչութիւններուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է վերոնշեալ օդակայանի տնօրէնութեան՝ դեսպանութեան կազմակերպած սոյն նախաձեռնութեան աջակցելուն համար:

Ելութներով հանդէս եկած եւ Երեւանի մասին իրենց տպաւորութիւններուն մասին պատմած են նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահն ու փոխնախագահը, որոնք անցեալ Օգոստոսին պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուէին:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 25: