Անօդաչու սարքերու արտադրութեամբ զբաղող Baykar ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթար Reuters լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է, թէ Քիեւի մերձակայքը սկսած է թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու սարքերու գործատան շինարարութիւնը, աւելցնելով, թէ առաջին անօդաչուները պատրաստ կ՚ըլլան 2025-ին։
Պայրաքթարի համաձայն՝ գործատան շինարարութեան նպատակով շուրջ 95 միլիոն տոլար ներդրում կատարուած է։
Նշենք, թէ Ուքրաինայի մէջ «Պայրաքթար»-ներու գործատուն կառուցելու վերաբերեալ համաձայնագիրը կնքուած է 2022 Փետրուարին՝ ռուսական ներխուժումէն քանի մը օր առաջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։