ՈՒՔՐԱԻՆԱ. ՀՀ դեսպանը այցելած է Խարքովի եւ Փոլթաւայի մարզեր եւ հանդիպում ունեցած համայնքներու բնակչութեան հետ

 

Յուլիս 20-ին եւ 21-ին ՀՀ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրաինայի թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ տեղւոյն Հայերու միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Մկրտչեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Խարքովի եւ Փոլթաւայի մարզերը: Լուրը հաղորդած է ՀՀ դեսպանութիւնը, Դիմագիրքի իր էջով։

Խարքովի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին, դեսպանը ներկայացուցած է Ուքրաինայի մէջ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր դեսպանութեան գործունէութիւնը եւ երկրին մէջ բնակող ՀՀ քաղաքացիներուն ցուցաբերուած զանազան բնոյթի ծառայութիւններու մատուցման ուղղութեամբ կատարուած ծաւալուն աշխատանքը:

Կարապետեան՝ դիմելով քաղաքի Հայութեան վստահեցուցած է, թէ դեսպանութիւնը, իր լիազօրութիւններու սահմանին մէջ, պիտի շարունակէ աջակցիլ կարիք ունեցող քաղաքացիներուն: 

Փոլթաւայի մէջ եւս ՀՀ դեսպանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ծաղիկներ զետեղած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի խաչքարին առջեւ:

Տեղացիներու հետ զրոյցին Վլադիմիր Կարապետեան ներկայացուցած է դեսպանութեան վերջին ամիսներու գործունէութիւնը: