Օգոստոս 23-ին, Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի՝ իր երկրի անկախութեան տօնին ընդառաջ, «Ուքրաինայի առասպելական ազգային դէմք» մրցանակով յետմահու պարգեւատրած է աշխարհահռչակ արուեստագէտ, բեմադիր Սերգէյ Փարաճանովը։
Սոյն մրցանակին արժանացած է ընդամէնը 11 հոգի։
«Սա յարգանք է, պատիւ է եւ արժանապատւութիւն է։ Ահա թէ ինչպէս Ուքրաինայի պետութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ժողովուրդին, իր առասպելական դէմքերուն, գնահատանքի արժանի մարդոց, նաեւ անոնց, որոնք, ցաւօք, այլեւս մեզի հետ չեն։ Մենք պէտք է յիշենք մեզ ոգեշնչող եւ աշխարհի կողմէ ծափահարուած բոլոր առասպելական դէմքերը»,– պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին նշած է Զելենսքի։
Ուքրաինայի նախագահը 2021 թուականէն ի վեր սոյն մրցանակը կը շնորհէ անոնց որոնք ներդրում ունեցած են պետութեան անկախութեան կայացման, պաշտպանութեան, ազգային տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի զարգացման բնագաւառներուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։