Search
Close this search box.

ՈՒՔՐԱԻՆԱ – Տնիփրոյի հայ համայնքի ղեկավարի ընտրութիւնը

Հոկտեմբեր 7-ին, Տնիփրօ քաղաքին մէջ կազմակերպուած է հայ համայնքի ղեկավարի ընտրութիւնը, որ համախմբած է Ուքրաինայի տարբեր մարզերու հայ համայնքի առաջնորդները եւ պատուոյ հիւրերը:

Դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով՝ ընդգծելով Ուքրաինայի հայ համայնքի, տեղւոյն Հայերու միութեան եւ պատմական հայրենիքի միջեւ կապերու ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Նշելով ընտրութիւններու ժողովրդավարական, թափանցիկ բնոյթի անհրաժեշտութիւնը, դեսպանը վստահութիւն յայտնած է, որ այդ օրինականութիւնը լրացուցիչ ուժ կը հաղորդէ համայնքի ղեկավարին, յուսալով որ ան եւ իր կազմը մեծ պատասխանատւութեամբ կը մօտենան համայնքին առջև ծառացած խնդիրներու լուծման եւ կը նպաստեն անոր հետագայ բարգաւաճման։

Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն՝ Տնիփրոյի հայ համայնքի նոր ղեկավար ընտրուած է Դաւիթ Առաքելեան, որու թեկնածութեան լայնօրէն աջակցած են համայնքի անդամները (շուրջ 2500 ձայն)։

Տնիփրոյի «Վարդուհի» մշակոյթի կեդրոնի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուած է նաեւ ցուցահանդէս, որուն մասնակցած են Տնիփրոփեթրովսքի մարզի տարածքին գործող հայերու կողմէ հիմնադրուած ընկերութիւնները: