Ուքրաինայի մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպանները
Սեպտեմբեր 26-ին, Քիեւի «Սոֆիա Քիեւսքայա» կեդրոնի սրահին մէջ բացումը կատարուած է ուքրանահայ ծանօթ նկարիչներ Բորիս Եղիազարեանի, Յովհաննէս Զօհրաբեանի եւ Մարինա Սարգսեանի ցուցահանդէսին՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին։
Ձեռնարկին ներկայ եղած են օտար երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ, պաշտօնատարներ: Բացման խօսքով ներկաները ողջունած է դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան։
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 10։
Այս կապակցութեամբ Ուքրաինայի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Կաէլ Վեյսիէռ Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ Հայաստանի դեսպանին հրաւէրով ներկայ եղած է ցուցահանդէսի բացումին, որ տեղի ունեցած է օդային հարուածներու երկու ահազանգերու միջեւ։
Այս նիւթին անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի ալ «X» ընկերային ցանցի իր էջին գրած է.
«Հայերը եւ ուքրաինացիները երկու խիզախ ժողովուրդներ են, որոնք դէմ- յանդիման կը գտնուին պատերազմի եւ բռնագրաւման: Ուքրաինա եւ Հայաստան երկու ժողովրդավար երկիրներ են, ուր արուեստը կը պահպանէ իր բոլոր իրաւունքները»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։