Չեխական Novinky.cz լրատու կայքը Հայաստանը ներառած է 2025-ի ամէնէն հետաքրքրական զբօսաշրջային ուղղութիւններու ցանկին մէջ։ Առ այդ հրապարակուած յօդուածին մէջ նշուած է, թէ հարուստ պատմութիւնն ու մշակոյթը, բնութեան անկրկնելի գեղեցկութիւնն ու գինիի արտադրութեան հնագոյն աւանդութիւնները Հայաստանը կը վերածեն անզուգական ուղղութեան մը՝ ճամբորդելու համար:
Կայքի գրութեան մէջ Հայաստանի մասին կը խօսուի իբրեւ աշխարհի հնագոյն գինեգործական շրջաններէն մէկը, ուր յայտնաբերուած է ամէնէն հին խաղողի այգին՝ Արենի-1-ը՝ Ք.ա. 4100-4000 թուագրութեամբ: Գինիի սիրահարներուն համար Հայաստան կ՚առաջարկէ ոչ միայն ընտիր գինիներ, այլեւ եզակի առիթ՝ ծանօթանալու գինեգործութեան դարաւոր աւանդութիւններուն:
Յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ Հայաստանի պատմական եւ մշակութային գանձերու մասին: Երեւան, որ կը գտնուի Հայաստանի կեդրոնը, Խոր Վիրապի վանքը, ուրկէ կը բացուի հիասքանչ տեսարան մը դէպի Արարատ լեռը, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճը, Սեւանավանքը եւ ժայռափոր Գեղարդի վանքը, որ ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Առաւել եւս Հայաստան կը ներկայացուի իբրեւ երկիր մը, որ կ՚առանձնանայ իր համեմատաբար մատչելի գիներով:
Հայաստան նաեւ կ՚անուանուի քրիստոնէութեան բնօրրան, որ կը հետաքրքրէ նոյնիսկ այն ճամբորդները, որոնք սովորաբար հետաքրքրուած չեն հոգեւոր վայրերով: Տեղւոյն հոգեւոր ու պատմական կեդրոնները, ինչպես նաեւ Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը կը խոստանան իւրայատուկ տպաւորութիւններ իւրաքանչիւր այցելուի համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։