«Օրեր» ամսագրէն կը տեղեկանանք, թէ Նոյեմբեր 11-ին Փրակայի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ, Չեխիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւչեան եւ Հայկ սարկաւագ Իւթիւճեան ներկայացուցած են Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի հոգեւոր-երաժշտական ժառանգութիւնը։
Նախ Հայր Բարսեղ նշած է, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 2023 թուականը հռչակած է Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-րդ տարելիցի ոգեկոչման տարի եւ այդ առիթով Փրակայի մէջ ալ կ՚ոգեկոչուի հայ միջնադարեան շարականագրութեան մեծագոյն ներկայացուցչին յիշատակը։
Հայր Սուրբը խօսած է Շնորհալիի կեանքի ու գործունէութեան մասին, ներկայացնելով միջնադարեան շարականագիտութեան մէջ անոր ունեցած անգերազանցելի դերը։ Իսկ Բարսեղ սարկաւագ ներկայացուցած է մեծարեալին բանաստեղծութիւններն ու արձակ գործերը։
Այնուհետեւ Հայկ սարկաւագ եւ Հայր Բարսեղ երգած են ութ շարական, նախապէս ներկայացնելով իւրաքանչիւրին նշանակութիւնն ու իմաստը։ Թէեւ եկեղեցւոյ մէջ շատ ցուրտ եղած է, սակայն եկեղեցականներուն կատարումները ջերմացուցած են ներկաներու սիրտերը…։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։