ՉԵԽԻԱ. Փրակայի մէջ բացումը կատարուած է «Հայաստան. Ժառանգութեան, աւանդութիւններու եւ տաղանդի երկիր» ցուցահանդէսին

Օգոստոս 4-ին,  Փրակայի 6-րդ շրջանի քաղաքապետարանի ցուցասրահին մէջ բացուած է «Հայաստան. Ժառանգութեան, աւանդութիւններու եւ տաղանդի երկիր»  լուսանկարչական ցուցահանդէսը, կազմակերպութեամբ՝  Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Փրակայի քաղաքապետութեան։ Այս մասին կը տեղեկանանք Orer.eu-էն։

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էվա Սմութնա ելոյթ ունենալով ձեռնարկը կարեւոր նկատած է ոչ միայն տեղեկատուական, այլեւ հայ եւ չեխ ժողովուրդներու միջեւ պատմական ու մշակութային կամուրջ ստեղծելու առումով։ Ան նշած է, թէ նման ցուցահանդէսներ կը կրճատեն երկիրներու միջեւ եղած հեռաւորութիւնը, եւ առիթ կ՚ընծայեն մօտէն ծանօթանալու հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի դեսպանին՝ ցուցահանդէսը կազմակերպելուն եւ լուսանկարները տրամադրելուն համար։

Իր կարգին դեսպան Աշոտ Յովակիմեան անդրադառնալով հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, նշած է թէ՝ իբրեւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդ, Հայերը մեծ նշանակութիւն կու տան մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման։ Ան ներկաները հրաւիրած է դիտելու ցուցահանդէսը եւ համտեսելու հայկական գինին ու թխուածքները։

 

Այնուհետեւ երաժշտական կատարումներով ելոյթ ունեցած են Փրակա 6-ի առեւտրական ակադեմիայի ուսանողները։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Չեխիոյ ծերակոյտի փոխնախագահը, երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, դեսպաններ, մշակոյթի գործիչներ, լրագրողներ։

20-է աւելի հայկական յուշարձաններ եւ վահանակներ ներկայացնող ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 30։