Search
Close this search box.

ՉԵԽԻԱ – Փրակայի 6-րդ շրջանի թաղապետութիւնը մերժած է Աթաթիւրքի արձանը տեղադրելու թրքական դեսպանութեան դիմումը

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի 6-րդ շրջանի թաղային իշխանութիւնը մերժած է թրքական դեսպանութեան դիմումը՝ թաղապետարանի յարակից այգիին մէջ  Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի կապակցութեամբ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի արձանի տեղադրման վերաբերեալ։

Փրակայի 6-րդ շրջանի պատասխանատուներէն մին չեխական լրասփիւռներու հետ զրոյցին նշած է, որ այդ որոշումը կայացուած է թաղապետութեան անդամներու, շրջանային ղեկավարներու եւ Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ միատեղ քննարկումներէ ետք:

Բացի ատկէ, տեղական «Mladá Fronta Dnes» թերթի կայքին վրայ հրապարակուած է Փրակայի 6-րդ շրջանի մշակոյթի կցորդ Ժան Լաճինայի յայտարարութիւնը:

Ան նշած է, որ յիշեալ որոշումը կայացնելու ընթացքին նկատի առնուած են շարք մը չափանիշեր: Մերժումի պատճառները եղած են՝ արձանի գեղարուեստական որակը, տեղադրման վայրը, ապա նաև 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Մշակոյթի կցորդը յիշեցուցած է նաեւ, որ Չեխիոյ Հանրապետութիւնը 1915-ին հայերու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը ընդունած եւ ճանչցած է իբրեւ ցեղասպանութիւն:

“Մենք յարգանք ունինք ժամանակակից եւ աշխարհիկ Թուրքիոյ պետութեան հիմնադիրին հանդէպ, բայց որոշում կայացուցած ենք, որ արձանը պիտի չտեղադրենք Փրակայի 6-րդ շրջանին մէջ”,– աւելցուցած է Լաճինա:

Նշենք, թէ արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ չեխ լրագրողները կ՚անդրադառնային այս հարցին, իսկ քանի մը օր առաջ չեխահայ համայնքի անունով նամակ մը յանձնուած էր թաղապետութեան խորհուրդի անդամներուն, կոչ ուղղելով Հայերու եւ Յոյներու ցեղասպանութեան մէջ յանցաւոր ճանչցուած անձին արձանը չտեղադրելու Փրակայի մէջ։