Search
Close this search box.

«Պալէ Փարաճանով»-ի անդրանիկ ներկայացումը

Հոկտեմբեր 14-ին, Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է «Պալէ Փարաճանով»-ի անդրանիկ ներկայացումը՝ նուիրուած աշխարհահռչակ բեմադիրի 100-ամեակին։

Պարարուեստի լեզուով ներկայացուած է Փարաճանովի կեանքի ամէնէն դաժան ու գործունէութեան ամէնէն պտղաբեր տարիները` բանտարկութիւնը, անազատութեան մէջ ստեղծագործելու ընթացքն ու միջազգային ճանաչում վայելող` «Նռան գոյնը», «Մոռացուած նախնիների ստուերները», «Սատանայ», «Մահը» ժապաւէններու ստեղծման ժամանակահատուածները: 

Հայկական, եւրոպական, դասական եւ ժամանակակից պարաձեւերու համադրումն ու լիպրեթոյի հիմքին դրուած ազատութեան համար մղուող պայքարի գաղափարը հանդիսատեսը փոխադրած են վառ գոյներով լեցուն փարաճանովեան անծայրածիր աշխարհը:

Ներկայացման բեմադիր ու պարուսոյցն է Արսէն Մեհրաբեան:

Դահլիճին մէջ ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարզանքի փոխնախարարներ Դանիէլ Դանիէլեան եւ Ալֆրեդ Քոչարեան, եւրոպական պետութիւններու դեսպաններ, Ֆրանսայէն ժամանած երեսփոխան Անն-Լոռանս Փեթէլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր «Preljocaj» պալէի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը: