Search
Close this search box.

Պայրամով. «ԵՄ-ի ռազմական օգնութիւնը Հայաստանին, կը խաթարէ Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը»

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ Չեխիոյ խորհրդարանի նախագահուհի Փեքարովա Ադամովայի հետ հանդիպումին յայտարարած է. “Ազերպայճան Եւրոպական Միութեան վստահելի գործընկերն է եւ մեր երկրի նկատմամբ երկակի չափանիշեր կիրարկելն ու անարդար մօտեցում դրսեւորելը չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հոլովոյթին”։

Ազերպայճանական պետական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Պայրամով նաեւ ըսած է․ “30 տարիէ ի վեր առաջին անգամ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան իրական պայմաններ ստեղծուած են, եւ Եւրոպական Միութեան անդամ որոշ երկիրներու որեւէ պատրուակով Հայաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելը կամ հովանաւորութեան ճամբով զայն խաղաղ գործընթացէն շեղելը վնաս կը հասցնէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան”։