Search
Close this search box.

Պայրամով-Ֆիտան հեռաձայնային զրոյց

Դեկտեմբեր 27-ին, Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Ֆիտան եւ Պայրամով քննարկած են տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ գործակցութեան առնչուող հարցեր։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Դեկտեմբեր 25-ին պատահած ազերպայճանական օդանաւի ջախջախման միջադէպին։