Search
Close this search box.

Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Ազերպայճան որոշ պարբերականութեամբ խախտած է հրադադարը

 

Սեպտեմբեր 20-ին, որոշ պարբերականութեամբ, Ազերպայճանի Զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները խախտած են հրադադարը՝ հայ-ազերպայճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ հրացանաձգային տարբեր զինատեսակներով կրակ բանալով։ Լուրը հաղորդած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, աւելցնելով թէ նոյն իրիկունը իրավիճակը կայուն էր եւ կրակոցներ չկային։