Պաղեստինցի ժողովուրդի գողգոթան վերջ չունի, որուն աւելցաւ Լիբանանի ժողովուրդինը։ Ինչպէս անցեալ տարի Արցախի ժողովուրդինը, որ ինը ամիս շրջափակումէ ետք, միջազգային հանրութեան երկդիմի ուշադրութեան ներքոյ, բռնի տեղահանուեցաւ իր պապենական տունէն։
Անտանելի են Կազայի, Այսրյորդանանի, Լիբանանի կարգ մը շրջաններու իսրայէլական օդանաւերու, հրթիռներու, անօդաչուներու հարուածներու, մարդկային կորուստի, վիրաւորներու ու բնակավայրերու աւերի տեսարանները։
Միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ տեղի կ՚ունենայ 21-րդ դարու ամէնէն մեծ ողբերգութիւնը, աղէտը, ցեղասպանութիւնը։ Ինչպիսի՞ աւարտ պիտի ունենայ այս փորձանքը՝ յայտնի չէ։ Զարմանալիօրէն աւելի ու աւելի դաժան կերպով կը կրկնուին ողբերգութիւնները՝ Արցախ, Ուքրաինա, Պաղեստին… Վերջապէս, Իսրայէլի կողմնակից արեւմտեան մեծ պետութեան մը նախագահը՝ Էմանիւէլ Մաքրոն յանդգնեցաւ յայտարարել, որ Ֆրանսա նախապատւութիւնը կու տայ քաղաքական լուծումի եւ թէ պէտք է կասեցնել Կազայի վրայ յարձակման ծառայող զինամթերքի առաքումը, աւելցնելով որ «կարելի չէ մէկ կողմէ հրադադար առաջարկել եւ միաժամանակ զինամթերք մատակարարել»։ Ֆրանսայի նախագահի խօսքը ուղղուած էր մասնաւորապէս ԱՄՆ-ու նախագահին որ Իսրայէլի զինամթերքի եւ դրամական օգնութեան մեծագոյն մատակարարն է։ Սակայն, ինչպէս սպասելի էր, չուշացաւ Իսրայէլի վարչապետին հակադարձումը՝ «ամօ՛թ Մաքրոնին», նշելով թէ Իսրայէլ կը պաշտպանէ Արեւմուտքը իրանական «Չարիքի առանցք»-ին դէմ։
Իսրայէլի պարագային՝ ականատես ենք պետութեան մը անսահման ամբարտաւանութեան ու ուժին, որ կարողութիւնը ունի լռեցնելու կամ անտեսելու աշխարհի մեծագոյն ռազմական ուժը ունեցող պետութիւնը՝ ԱՄՆ-ն։ Կը գործէ բացարձակապէս անպատժելիօրէն։
Այս վերաբերումը թեթեւակի կը յիշեցնէ Ազերպայճանինը, որ խաղաղութեան դաշինք կնքելու դիմակին տակ 2020-էն 2024, բիրտ ուժի դիմելով, հետապնդեց Արցախի ժողովուրդի տեղահանումն իր պապենական հողէն։ Իսկ ներկայիս, որոշ յաջողութեամբ, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի օգնութեամբ կը շարունակէ Հայաստանի հանդէպ նոյն թշնամական, ատելավառ քաղաքականութիւնը, սպասելով առիթին որ դարձեալ յարձակում գործէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ։
«Համաս»-ի եւ «Հեզպալլահ»-ի պարագլուխներու սպանութիւնը իսրայէլցիներուն կողմէ, պատերազմը Միջին Արեւելքի տարածքին ընդարձակելու առիթ կու տայ։ Իրանի ներգրաւումը պատերազմին մէջ, կը տկարացնէ Հայաստանի անվտանգութիւնը, ռուս-ազերի դաշինքին առիթ կ՚ընձեռէ մերժելու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը այնքան ատեն որ չ՚իրականանար «Զանգեզուր»-ի միջանցքի իր ծրագիրը։
Պաղեստինցիներն ու լիբանանցիները անզօր են միայնակ կասեցնելու իսրայէլական կրօնամոլ, ցեղապաշտ գաղափարապաշտութեամբ, մեծ Իսրայէլի կառուցման երազանքով տոգորուած ծայրայեղ աջակողմեան իշխանութեան բանակի յարձակումներն ու բռնութիւնները։ Իսրայէլ կը վայելէ Արեւմուտքի, յատկապէս ԱՄՆ-ու զինուորական, դրամական հսկայական օգնութիւնը։
Որքա՞ն հեռու կրնայ երթալ Իսրայէլ իր ցեղապաշտ յարձակողական այս քաղաքականութեամբ։ Ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենան այս ոճիրները հետագայ սերունդներու դաստիարակութեան, միջազգային օրէնքի գործադրութեան վրայ։
Նոր աշխարհակարգ մը կը ձեւաւորուի, ուր պատերազմէն ետք խաղաղութիւն հաստատելու հերթափոխութեան տրամաբանութիւնը չի գործեր։ Ինչպիսի՞ ստրկատիրական «խաղաղութիւն» պիտի պարտադրուի միջինարեւելեան պետութիւններուն, որոնք չեն ենթարկուիր Իսրայէլի ռազմական գերիշխանութեան։ Որքանո՞վ այդ մոտէլը պիտի գործադրուի Իսրայէլի դաշնակից երկիրներու կողմէ այլ երկրամասերու վրայ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։