10 Փետրուար 1828-ին Թուրքմենչայի պայմանագիրով, արեւելահայութիւնը գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ ձերբազատուելու Պարսկական կայսրութենէն եւ դառնալու Ռուսական կայսրութեան մաս։ Սոյն պայմանագիրին 15-րդ կէտը կը վերաբերէր Պարսկական կայսրութենէն Ռուսական կայսրութիւն հայոց ազատ վերադարձին։ Այն ժամանակ Ներսէս Աշտարակեցին, իբրեւ եկեղեցական, աշխուժօրէն կը մասնակցի դարասկզբի ռուս-պարսկական երկու պատերազմներուն (1804-1813 եւ 1826-1828)։ Եփրեմ Ա. Ձորագիւղցի կաթողիկոս (1809-1830) զինք 1814-ին կը նշանակէ Վրաստանի եւ Իմերեթի հայոց թեմի առաջնորդ, Թիֆլիսի մէջ կը հիմնէ իր անունով կոչուած Ներսիսեան վարժարանը։ Ան իր հայրենակիցներուն կոչ կ՚ընէ վերադառնալու Հայրենիք, հաւատալով որ անոր փրկութեան միակ երաշխիքը պիտի ըլլայ Արարատեան դաշտի եւ յարակից շրջաններուն մէջ հայ ժողովուրդի բազմանալը։ Կոչին կ՚ընդառաջեն շուրջ 40-42.000 հայեր, որոնց շնորհիւ Արեւելեան Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը կը փոխուի ի նպաստ հայ բնակչութեան։
Ներսէս Աշտարակեցին սակայն չկրցաւ իրականացնել իր գլխաւոր մտադրութիւնը՝ Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը Ռուսական կայսրութեան ծիրէն ներս։ Աշտարակեցին մինակ չէր, ունէր համախոհներ՝ իր ժամանակաշրջանի յայտնի ազգային գործիչները, ինչպէս Պռոշեան, Լազարեանները,… Ռուս-պարսկական պատերազմի օրերուն, Արզանովները կը հրատարակեն «Հայաստանի յիշարժան արքաներու պատկերասրահ» աշխատութիւնը (Галерея достопамятных царей Армении), այս քայլով անոնք կ՚ուզեն իրենց հայրենակիցները ոգեւորել հերոսական անցեալով, ինչպէս նաեւ ռուսական իշխանութիւններուն ցոյց տալ, որ հայ ժողովուրդը թագաւորութիւններ՝ պետականութիւն ունեցած ազգ է։
Ներսէս մեծ նուիրումով կ՚աշխատի այն ժամանակ։ Հայրենասէր մտաւորականներ կը հաւատային որ հասած է պահը Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը բարեփոխելու։ 1827 Հոկտեմբերին ռուսական իշխանութիւններուն կը ներկայացնեն նախագիծ մը, ըստ որուն՝ Հայաստան պիտի ունենար զինանշան, դրօշ եւ տեղական կառավարման օրէնքներ, պաշտպանութեան նպատակով պիտի ստեղծուէր հայկական զօրախումբ մը։ Սակայն, նախագիծը կը մերժուի։ Ներսէս Աշտարակեցի կը հեռացուի Հայաստանէն, կը նշանակուի Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ հայոց թեմի առաջնորդ։ Հետագային Աշտարակեցի կ՚ընտրուի կաթողիկոս, զարկ կու տայ կրթութեան, երբ կը հասկնայ որ ինքնավարութեան ծրագրի իրականացումը անկարելի է ստանալ Ռուսական իշխանութենէն։
Այսօր եւս, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հակառակ 33 տարիներու անկախութեան հռչակումին, տակաւին չէ կրցած ձերբազատիլ ռուսական ազդեցութենէն։ Թէեւ Սովետական Միութեան անկումը պատեհ առիթ էր իրապէս անկախանալու, սակայն, ղեկավարներու կարճատեսութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, փառասիրութիւնը եւ այլ ախտեր երկիրը առաջնորդեցին անկումի, պարտութեան եւ Արցախի բնակչութեան տեղահանումին իր բնօրրանէն։ Այսպէս է որ Հայաստան դարձաւ օտար պետութիւններու շահերու բախումի թիրախ եւ միշտ կախեալ՝ Ռուսաստանէն։
Շատեր դեռ կը հաւատան որ Ռուսաստան եղած է եւ կը մնայ գլխաւոր պաշտպանը Հայաստանի անկախութեան, անոր անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը, հակառակ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի հանդէպ անոր ստանձնած յանձնառութիւններու դրժումին։ Այսպէս է որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, արձագանգելով ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛Պրայընի յայտարարութեան, թէ «Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կ՚ուզէ աւելի շատ հեռանալ Ռուսաստանէն», կը հակադարձէ ըսելով, թէ «Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած դարաւոր կապերը պիտի դիմանան բոլոր փորձութիւններուն»։
Այսպէս է որ Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան՝ 8-րդ դասարանի «Հայոց Պատմութիւն» դասագիրքին մէջ՝ Արեւելահայաստանի ռուսական տիրապետութեան տակ իյնալու պատմութեան բաժնի «Արեւելեան Հայաստանի բռնակցումը Ռուսաստանին» վերնագրին մէջ «բռնակցում» եզրը կ՚արժանանայ Ռուսաստանի խիստ հակազդեցութեան։ Եւ Կրթութեան նախարարութիւնը կը ստիպուի «սրբագրել» պատմական իրողութիւնը։
Եւ տակաւին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ Բագրատ սրբազանի նման առաջնորդներ, կը յամառին անտեսել ազերիներու հետ ձեռք-ձեռքի գործող ռուսական դարանակալ թաթը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։