Երեւան՝ խաղաղութեան պայմանագրի 11-րդ տարբերակը ստանալէ ետք յայտարարած է, թէ համաձայնութեան չարժանացած մէկ-երկու հարց կը մնայ։ Արտաքին գործոց (ԱԳ) փոխնախարար Վահան Կոստանեան, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ որո՞նք են այդ հարցերը:
“Կողմերը չունեն ընդհանուր դիրքորոշում տուեալ հարցերի շուրջ եւ բնականաբար քննարկումները Բաքուի հետ շարունակուելու են”,– նշած է ան:
Միւս կողմէ, խաղաղութեան համաձայնագրի վիճայարոյց երեք կէտերը X-ի իր էջին գրառումով «գաղտնազերծած» է (ի դէպ, խնդրոյ առարկայ կէտերը բազմիցս արծարծուած հարցերու վերաբերելով՝ կը չակերտենք «գաղտնազերծում»-ը – «ՆՅ») Ալիեւի կառավարութեան կողմէ գանձատրուող վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւ։ Վերջինիս համաձայն՝ կէտերէն մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, միւսը՝ Երեւանի կողմէ «իրաւական եւ դիւանագիտական վէճերու» բացառման, վերջինն ալ՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին օտար ուժերու բացակայութեան մասին է:
Կոստանեան անդրադառնալով Ազերպայճանի իշխանութիւններուն մօտիկ այդ փորձագէտի պնդումներուն՝ յայտարարած է, թէ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծին մէջ Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջ չկայ:
Հարցումին՝ թէ արդեօք միւս երկու կէտերը կը վերաբերի՞ն իրաւական վէճերու բացառման եւ սահմանին օտար ուժերու բացակայութեան, փոխնախարարը պատասխանած է.
“Քանի որ այս պահին բանակցութիւնները ընթանում են, ես ճիշդ չեմ համարում ամբողջութեամբ բացել, թէ ինչի շուրջ են ընթանում քննարկումները, բայց՝ այո՛, ինչպէս նշեցի կան համաձայնութեան չարժանացած կէտեր, որոնց շուրջ պիտի շարունակուեն քննարկումները”։
«Ազատութիւն» լրասփիւռի հարցումին՝ թէ Հայաստանի համար ընդունելի՞ է պայմանագրի ստորագրութեան պարագային Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դէտերու մեկնումը, Կոստանեան պատասխանած է. “Այս պահին Հայաստանի Հանրապետութիւնը,– քանի դեռ մենք ունենք չզատուած սահման Ադրբեջանի հետ, քանի դեռ առկայ են խնդիրներ,– գտնում է, որ ԵՄ դիտորդների ներգրաւումը Հայաստան-Ադրբեջան միջպետական սահմանին անվտանգային ու կայունության կարեւոր նշանակութիւն ունի”։
Անդրադառնալով դիւանագիտական վէճերուն վերաբերող հարցումին՝ փոխնախարարը ըսած է. “Ընդհանուր գործընթացի ու ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ պիտի նայել։ Հայաստանի համար կան նաեւ այս համաձայնագրից դուրս շատ կարեւոր հարցեր, այդ թւում՝ մարդասիրական հարցեր, որոնք հասցէագրման կարիք ունեն”։
* * *
«ՆՅ» – Դատելով Կոստանեանի պատասխաններէն՝ դեռ բաւական հեռու ենք խաղաղութեան պայմանագրէն որ,– ստորագրուելու պարագային ալ Ազերպայճանի նման յարձակողապաշտ ու խոստումնադրուժ երկրի մը հետ,– հարցական է թէ որքանո՞վ կրնայ ծառայել որպէս երաշխիք։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։