Ազերպայճանական պետական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Դեկտեմբեր 16-ին, Պաքուի վերաքքնիչ ատեանը մերժած է ազատ արձակել Ֆրանսայի քաղաքացի Թէօ Գլերի՝ դատավճիռը տուգանքով փոխարինելու դիմումը։
Անցնող Սեպտեմբերին ֆրանսացին երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուած էր Պաքուի մեթրոյի վակոններէն մէկը նկարազարդելուն (tag) համար։
Ըստ «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան` ամբաստանեալը յայտարարած է, թէ ինքզինք յանցաւոր չի նկատեր եւ կը խնդրէ իրեն ներում շնորհել կամ ալ իր ընկերներուն պէս,– որոնք Նոր Զելանտայի եւ Աւստրալիոյ քաղաքացիներ էին,– դատավճիռը փոխարինել տուգանքով։
Փարիզ իր դժգոհութիւնը յայտնած է Պաքուի ատեանի որոշումին առնչութեամբ՝ զայն որակելով «կամայական եւ բացայայտ խտրական վերաբերում»։
Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը եւս դատապարտած է սոյն որոշումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։