Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու՝ Պաքուի դատարանը Յունուար 27-ին մերժած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու բանտարկութիւնը տնային կալանքով փոխարինելու՝ փաստաբաններու դիմումը:
Տեղի ունեցած է նաեւ Արցախի նախկին Պետական նախարար, Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութեան յաջորդական նիստը: Անոր դէմ շինծու գործը կը քննուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ գործէն անջատ: Նախորդ դատական նիստին, Վարդանեանի փաստաբանը պահանջած էր անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժած է այդ դիմումը:
Դատարանը Վարդանեանին յաւելեալ 10 օր տուած է նիւթերուն ծանօթանալու համար, մինչ անոր փաստաբանները 30 օր պահանջած էին:
Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները Պաքուի դատարանին կողմէ կ՚ամբաստանուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական ոճիրներու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ մեղադրանքներով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։