Ազերպայճանական դատարանը մերժած է Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը։
Trend լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբան Աֆեթ Կազիեւա վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է իր պաշտպանեալին բանտարկութեան որոշումին դէմ: Բողոքը քննարկած է Պաքուի վերաքննիչ դատարանը՝ դատաւոր Կապիլ Մամետովի նախագահութեամբ։ Դատարանը սակայն մերժած է բողոքը՝ հիմնաւորուած համարելով առաջին ատեանի դատարանին որոշումը։
Յիշեցնենք, որ Ռուբէն Վարդանեան ապօրինի գերեվարուելով տարուած է Պաքու, ապա ձերբակալուած՝ բացառապէս «Արցախի մէջ պաշտօն վարած ըլլալ»-ու պատճառաբանութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։