Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան իր թելեկրամեան գրառումով կը տեղեկացնէ, թէ 2024 Մարտ 1-ին, Պաքուի Պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ բացուած է «Արեւմտեան Ազերպայճանի հետազօտութիւններու կեդրոն»-ը։
Բացման արարողութեան մասնակցած են համալսարանի ղեկավար կազմը, Ազերպայճանի պետական պաշտօնատարներ եւ խորհրդարանականներ։ Բոլոր մասնակիցները իրենց խօսքին մէջ նշած են, թէ «Արեւմտեան Ազերպայճանը հայրենիքի անբաժան մասն է» եւ ազերպայճանական պետութեան ու ազգի «նոր նպատակներէն մէկը»։
Կեդրոնի պատին փակցուած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի ամբողջական քարտէսը (ուշադրութի՛ւն՝ տեղանուններուն)։
Մանկավարժներ պատրաստող համալսարանի ուսանողները այսուհետեւ կարելիութիւն կ՚ունենան «գիտականօրէն» ուսումնասիրելու «Արեւմտեան Ազերպայճանի պատմութիւնը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։