ՊԱՔՈՒ. Գերեվարուած Վիգէն Էօլչէքեան փոխադրուած է հիւանդանոց

Պատերազմի աւարտին յաջորդ օրը՝ Նոյեմբեր 10-ին գերեվարուած Վիգէն Էօլչէքեան, զոր Պաքուի դատարանը իբրեւ ահաբեկիչ, դատապարտած է 20 տարի բանտարկութեան, Յուլիս 29-ին փոխադրուած է Պաքուի «Աւրասիա»  հիւանդանոցը։ Այս մասին Դիմագիրքեան իր էջին գրառումով տեղեկացուցած է Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխանուհի Նաիրա Զօհրաբեան։

«Վիգէնը լուրջ առողջական խնդիրներ ունի, եւ քանի որ հայ ռազմագերիներն այլեւս ոեւէ մէկին չեն հետաքրքրում, մնում է յուսալ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը,– ինչպէս Մարալ Նաճարեանի դէպքում,– կը զբաղուի իր քաղաքացու փրկութեամբ»,– գրած է ան։