Search
Close this search box.

Պաքու եւ Անգարա քննարկած են ռազմական համագործակցութեան առնչուող հարցեր

Օգոստոս 12-ին, Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին կից ռազմարդիւնաբերութեան յանձնախումբի ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Պաքու եւ հանդիպում ունեցած Ազերպայճանի Պաշտպանութեան փոխնախարար Ագիլ Կուրպանովի հետ։

Ըստ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ հանդիպումին քննարկուած են երկկողմ ռազմական եւ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան ներկայ վիճակը, զարգացման հեռանկարները։

“Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ իրականացուող միատեղ արտադրական ծրագրերը օգտակար պիտի ըլլան երկու երկիրներու բանակներու պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու”,– յայտարարած է ազերպայճանցի պաշտօնատարը։

Թրքական պատուիրակութիւնը տեսակցած է նաեւ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան օդային ուժերու հրամանատարի պաշտօնակատար, զօրավար Նամիք Իսլամզատէի հետ։