Պաքու, ըստ էութեան, կը մերժէ Երեւանի վերջին առաջարկը՝ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագրի այն յօդուածները, որոնք արդէն համաձայնութեան արժանացած են, միւսներուն քննարկումը թողլով ապագային։ Արդարեւ, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Սեպտեմբեր 2-ին հայկական կողմին թելադրած է աւելի լուրջ մօտենալ հարցին։
Ազերպայճանցի պաշտօնատարը յայտարարած է, թէ Պաքուի վերջին խմբագրումէն 70 օր յետոյ՝ վարչապետ Փաշինեանի ասուլիսէն քանի մը ժամ առաջ Հայաստան ուղարկած է իր խմբագրած տարբերակը։
“Հայաստան խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծէն քանի մը կարեւոր կէտեր դուրս ձգած է։ Յառաջիկային մենք Հայաստանին կը ներկայացնենք այն տարբերակը, որ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի վրայ եւ կը համապատասխանէ մեր ազգային շահերուն”,– ըսած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։