Յունուար 8-ին, Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Իրանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատեան։
Ազերպայճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նախ «շնորհաւորած է Ազերպայճանը՝ իր տարածքները բռնագրաւումէն ազատագրելուն կապակցութեամբ եւ նշած, թէ իրենք շատ ուրախ են ատոր համար»։
Հանդիպումին կողմերը քննարկած են փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր, ընդգծելով՝ Հիւսիս-Հարաւ երթեւեկութեան միջանցքի զարգացման կարեւորութիւնը եւ Ազերպայճանի, Ռուսաստանի ու Իրանի միջեւ եռակողմ համագործակցութեան ձեւաչափը։
Նշենք, թէ Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի մամլոյ բանբերին համաձայն՝ Ալի Աքպար Ահմատեան Պաքուէն պիտի ժամանէր Երեւան, ուր ալ հանդիպումներ պիտի ունենար վարչապետ Փաշինեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։