Search
Close this search box.

ՊԱՔՈՒ — «Կը դատապարտենք Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Ազերպայճան ճամբորդելու նախազգուշացման վերաբերեալ»

Քէ տ՚Օրսէի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, որով ֆրանսահպատակներուն կը յորդորուէր չմեկնիլ Ազերպայճան առանց հիմնական պատճառներու, Պաքու իր կարգին հրապարակած է յայտարարութիւն մը ու դատապարտած Փարիզի դիրքորոշումը։ 

«Խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած խիստ նախազգուշացումը Ազերպայճանի համար՝ նշելով անհիմն պնդումներ, թէ Ազերպայճանի մէջ ֆրանսացիներ կը թիրախաւորուին եւ կը ձերբակալուին:

Ֆրանսայի այս անհիմն ու կողմնակալ դատողութիւնն ու յայտարարութիւնը կը ցոլացնեն այս երկրի մտադրութիւնը՝ Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի վատթարացնելու։

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պնդումները, թէ Ֆրանսայի քաղաքացիները անհիմն կը ձերբակալուին եւ կը բանտարկուին, որեւէ հիմք չունին։ Այս անհիմն յայտարարութիւնը ճշմարտութան խեղաթիւրում է։

Դեկտեմբեր 4-ին, Ազերպայճանի մէջ ձերբակալուեցաւ միայն Ֆրանսայի քաղաքացի Մարթէն Ռայան՝ Ազերպայճանի Պատժական օրէնսգրքի 276-րդ յօդուածով (լրտեսութիւն) նախատեսուած արարքը կատարելու կասկածանքով։ Բացի այս մէկ պարագայէն, ծանօթ է, որ Ֆրանսայի ուրիշ քաղաքացի մը՝ Թէօ Հիւկօ ձերբակալուեցաւ Պաքուի մեթրոյին մէջ կատարած արարքին համար (Մեթրոյի կառքերուն վրայ նկարազարդումներ ըրած էր – «ՆՅ»)։

Միւս կողմէ, ակնյայտ է, որ Ֆրանսա կը խոչընդոտէ ազերպայճանցի լրագրողներու այցերը Ֆրանսա եւ նոյնիսկ Շենկէնեան գօտիի այլ երկրներ, ինչ որ բոլորովին կը հակասէ այս երկրի գովերգած «մարդկային իրաւանց»։

Բոլորը քաջատեղեակ են Ֆրանսայի գործած միջազգային իրաւունքի խախտումներուն, նորգաղութատիրական քաղաքականութեան, ցեղապաշտական, խտրական եւ իսլամատեաց գործունէութեան ու մարդկային իրաւանց սահմանափակումներուն մասին: Ֆրանսա պահանջներ ներկայացնելով Ազերպայճանին՝ դատական ​​իշխանութեան ու մարդկային իրաւանց վերաբերեալ, կը փորձէ աշխարհին «ժողովրդավարութեան դաս» տալ։ Ուստի նախընտրելի պիտի ըլլար, որ Ֆրանսա ի՛նք դասեր քաղէր նման գործողութիւններէ:

Անգամ մը եւս կոչ կ՚ընենք Ֆրանսային վերջ տալու Ազերպայճանի դէմ զրպարտական արշաւին»։