Search
Close this search box.

Պաքու կը դատապարտէ սպառազինութեան՝ ֆրանքեւհայկական նոր համաձայնագիրը

Պաքու կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած սպառազինութեան նոր համաձայնագիրը, յայտարարելով թէ Հարաւային Կովկասի մէջ «պատերազմի նոր օճախ ստեղծելու ամբողջ պատասխանատւութիւնը պիտի կրեն Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Մաքրոնի բռնապետութիւնը»։

«Հակառակ ազերպայճանական կողմի նախազգուշացումին, Ֆրանսա Հայաստանին մահաբեր եւ յարձակողական հրետանի եւ այլ զինատեսակներ կը մատակարարէ, ապացուցելով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Ֆրանսայի գրգռիչ գործողութիւնները»,– նշուած է Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։