Գորսիքայի անկախապաշտ «Նացիոնէ» կուսակցութեան անդամ Ժան−Ֆիլիփ Անթոլինի կը պատասխանէ ազերպայճանական պետական
լրատու գործակալութեան հարցումներուն
Վերջին շրջանին օր չ՚անցնիր, որ ազերպայճանական լրասփիւռները մեծահոգի հովանաւորութեամբ չանդրադառնան Գորսիքայի անկախապաշտ շարժումներուն։
Այս յանկարծական եւ նորելուկ երեւոյթը բնականաբար անմիջական կապ ունի Ֆրանսայի հետ Ազերպայճանի յարաբերութիւններու լարումին հետ։
Երկրին լրասփիւռները օր մը կը գրեն, թէ զօրավիգ են անկախապաշտ Գորսիքացիներուն, յաջորդ օր կը յայտարարեն, թէ Ազերպայճանի խորհրդարանին մէջ Գորսիքայի ժողովուրդին ու անոր անկախապաշտ նկրտումներուն զօրակցութեան խումբ մը կազմուած է, ուրիշ օր մը անկախապաշտ Գորսիքացիի մը յայտարարութիւններուն տեղ կու տան… յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծելով, թէ անոնց վերելքը խորապէս կը մտահոգէ ֆրանսական իշխանութիւնները, եւ այլն, եւ այլն… Այնպէս, որ իրադրութենէն ապատեղեակ դրսեցի ընթերցողը (քանի կրնաք ենթադրել, թէ այս ու նման լուրերը յատկապէս արեւմտեան լեզուներով կը տրուին) բոլորովին զարմանքի պիտի մատնուի, չհասկնալով թէ նման լուրեր ի՞նչ գործ ունին այդ լրասփիւռներուն մէջ։
Յամենայն դէպս, այսքանը մեր կողմէ որպէս նախաբան՝ երեւոյթի մը, որ հետագայ օրերուն կը խոստանայ ա՛լ աւելի շեշտուիլ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի այն Գորսիքացիներուն, որոնք կ՚ապաւինին (եթէ իսկապէս կան) Պաքուի «սրտաբուխ ու անսակարկ» զօրակցութեան՝ վա՜յ անոնց գլխուն, կամ ինչպէս մեր մեծերը կ՚ըսէին՝ «վախ եմ ըսեր»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։