Search
Close this search box.

Պաքու կը հակադարձէ Փաշինեանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսէն քանի մը ժամ յետոյ, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այհան Հաճիզատէ յայտարարած է. «Հայաստանի վարչապետի՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ հակասող յայտարարութիւնները ափսոսանք կը յառաջացնեն»։

“Մեղադրանքները, թէ Ազերպայճանի սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներ կան Հայաստանէն, կատարելապէս կեղծ են։ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանադրութիւններուն միջեւ զուգահեռներ գծելու, անոնց միջեւ հաւասարութեան նշան դնելու փորձերը անընդունելի են”,– շեշտած է ան։