Դեկտեմբեր 12-ին, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, թէ Պաքուն կը մտահոգէ Հայաստանի տարածքին որեւէ երրորդ երկրի ուժի տեղակայումը՝ շեշտելով, թէ «փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան պայմաններուն տակ իրականացուող սահմանի զատման աշխատանքներուն մէջ» իրենք անհրաժեշտ չեն նկատեր երրորդ կողմի մասնակցութիւնը եւ թէ «պէտք է վերջ տրուի այդ առաքելութեան գործունէութեան»։ Ան աւելցուցած է, թէ «առաքելութիւնը պէտք է ըլլար առժամեայ, սակայն ան հետզհետէ կը դառնայ մնայուն»։
Հաճիեւ ընդգծած է, թէ տարածաշրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ոչ թէ խաղաղութեան ամրապնդման նպաստող, այլ մտահոգութիւններ յառաջացնող ազդակ է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։