Ազերպայճանի Ուժանիւթի փոխնախարար, COP29-ի ընդհանուր գործադիր տնօրէն Էլնուր Սոլթանով յայտարարած է, թէ աւելի քան 50 պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը COP29-ին։
“Մենք կ՚ակնկալենք, որ այդ թիւը կ՚աւելնայ։ Հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանը”,– թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ըսած է ազերպայճանցի պաշտօնատարը։
Երեւան տակաւին չէ յստակացուցած, Հայաստանեան որեւէ պատուիրակութիւն կը մեկնի՞ Պաքու, թէ՞ ոչ։
Ինչպէս ծանօթ է, ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը Ազերպայճանի մէջ գումարելու որոշումը կայացուած է անցեալ Դեկտեմբերին՝ Արցախի վրայ ազերպայճանական լայնածաւալ յարձակումէն եւ Արցախի հայաթափումէն ընդամէնը երեք ամիս յետոյ։ Սոյն որոշումը կայացուած է նաեւ Երեւանի աջակցութեան շնորհիւ, փոխարէնը Պաքու համաձայնած է ազատ արձակել 32 հայ ռազմագերիները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։