Պաքու «կողմնակալ, երկակի չափանիշերու վրայ հիմնուած» կ՚որակէ Ապրիլ 5-ին Հայաստանի վարչապետին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարին եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին Պրիւսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը։
Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ այդ հանդիպումը «թափանցիկ չէ, չ՚ընդգրկեր տարածաշրջանը եւ կը հակասէ շրջանին մէջ այնքան անհրաժեշտ վստահութեան ձեւաւորման։ Աւելի՛ն, նման հանդիպում մը հայկական կողմը խաղաղ բանակցութիւններու մղելու փոխարէն, կը ստեղծէ նոր բաժանարար գիծեր»։
«Երեւանի մէջ վրէժխնդրական տրամադրութիւններու ենթախորքին՝ Ուաշինկթընի եւ Պրիւսէլի այսպիսի բացայայտ հայանպաստ վերաբերումը կրնայ Հայաստանի մէջ վտանգաւոր պատրանք ստեղծել, որ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) եւ ԱՄՆ-ն կ՚աջակցին Հայաստանին՝ Ազերպայճանի դէմ հնարաւոր գրգռութիւններու պարագային։ Առ այդ ԵՄ-ն ու ԱՄՆ-ն պատասխանատւութիւն պիտի կրեն Հայաստանի որեւէ ապակայունացնող գործողութեան պարագային»,– շեշտուած է յայտարարութեան մէջ։
«Մենք կոչ կ՚ուղղենք բոլոր կողմերուն՝ զերծ մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ խաղաղութեան ջանքերուն վրայ եւ տարածաշրջանին մէջ լարումի նոր ալիք հրահրել»,– եզրափակած է Պաքուի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան հակադարձելով Ազերպայճանէն հնչող յայտարարութիւններուն՝ նշած է, թէ «Պրիւսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը որեւէ երրորդ կողմի դէմ ուղղուած չէ եւ չէր ալ կրնար ըլլալ»։
Այս կապակցութեամբ «Արմէնփրէս»-ի հարցումին ի պատասխան ան ըսած է, թէ «Ապրիլ 5-ին նախատեսուած բարձր մակարդակի հանդիպումը նուիրուած է Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման»։
Հարցումին՝ թէ հայկական կողմը ի՞նչ ակնկալիքներ ունի այդ հանդիպումէն, Բադալեան յայտնած է.
“Հանդիպումը արժէքաւոր հնարաւորութիւն է քննարկելու Հայաստան-ԱՄՆ, Հայաստան-ԵՄ երկկողմ օրակարգերին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ-ԵՄ յարաբերութիւններին վերաբերող հարցեր։ Ակնկալում ենք բովանդակային քննարկումներ ունենալ մեր միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան, տնտեսութեան, ուժանիւթի ոլորտներում Հայաստանի կարողութիւնների զարգացման, Հայաստանի առջեւ ծառացած մարդասիրական խնդիրների հասցէագրման շուրջ։ Բարձր մակարդակի հանդիպման նպատակն է առկայ յարաբերութիւնների զարգացումն ու խորացումը եւ կապուած չէ երրորդ երկրների հետ։ Որեւէ մէկի դէմ դրա ուղղուած լինելու մասին պնդումները անտեղի, անհիմն եւ արհեստածին են”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։