Ազերպայճանի նախագահի գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ Եւլախի մէջ կայացած Արցախի եւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներու հանդիպման վերաբերեալ։
Պաքու հանդիպումը դրական որակած է՝ նշելով, թէ ան ընթացած է շինիչ մթնոլորտի մէջ։
«Քննարկումներ ծաւալած են ենթակառոյցներու վերականգնման, Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերահամարկման եւ Ազերպայճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան գործունէութիւնը կազմակերպելու վերաբերեալ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Պաքուի համաձայն՝ բաւարարուած է Արցախի Հայերու խնդրանքը՝ մարդասիրական օգնութիւն՝ պարէնային ապրանքներու եւ վառելանիւթի մատակարարումով։
Ըստ ազերպայճանական տեղեկատւութեան՝ կողմերը համաձայնած են շարունակել հանդիպումները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։